Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողով (Խորհրդարան)  

Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողով (Խորհրդարան)

Պաշտօնական կայք

  • Խորհրդարանի մասին
  • Պատգամաւորներ
  • Յանձնաժողովներ
  • Նստաշրջաններ
    • 1-ին նստաշրջան – 1-ին գում
    • 2-րդ նստաշրջան
    • 3-րդ նստաշրջան
    • 4-րդ նստաշրջան
  • Օրէնքներ
  • Իրաւական փաթեթ
  • ԱՀՀ Նախագահ
  • ԱՀՀ Կառավարութիւն
  • ՄԱԿ
  • Նորութիւններ
  • Ելոյթներ
  • Հրապարակումներ
  • Տեսանիւթեր
  • Մամուլ
  • LIVE
  • ՀայերենՀայերեն
  • Արեւմտահայերեն
  • EnglishEnglish
  • РусскийРусский
  • FrançaisFrançais
  • TürkçeTürkçe

Վերադառնալով հրատապ թեմային. Քառօրյա պատերազմ. Արեւմտյան Հայաստանի Խորհրդարանի հայտարարությունը Արցախի դեմ ապրիլյան ագրեսիայի կապակցությամբ

Յարութ Սասունեան. Թուրքիա Կը Փորձէ Տիրանալ Երուսաղէմի Հայկական Կալուածներուն

Հերոս հայը, որ հայ որբերը վերադարձուց սուրիական անապատէն

  • 03.06.2020

Փառնաք Շիշիքեան զէյթունցի հերոս մըն է, որ Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք հարիւրաւոր հայ որբեր վերադարձուց սուրիական անապատի արաբական ընտանիքներէն։ Անոր անունը յայտնի չէ հայերու մեծ մասին, ուստի կ՛արժէ ուշադրութիւն սեւեռել անոր կեանքին ու բարի գործերուն վրայ։ Ան թաղուած է Երեւանէն քանի մը քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող Հովտաշատ գիւղը։

Անցեալ ամիս, Զարմիկ Սարգսեան՝ Երեւանէն, իր Դիմատետրի էջին վրայ շատ յուզիչ յարգանքի տուրք մը մատուցած էր Փառնաք Շիշիքեանի յիշատակին՝ անոր շիրիմը այցելելէ ետք։ Անոր բացառիկ վաստակին մասին միակ յիշատակումը փոքրիկ գրքոյկ մըն է, որ 30 տարի առաջ հրատարակած է իր իսկ փրկած գերդաստանի շառաւիղ Յակոբ Ճղլեան։ Գիրքը դիպուկ վերնագրուած էր՝ «Ստուերի մէջ մնացած կեանք»: Սարգսեան փորձած է ստուերէն դուրս բերել Շիշիքեանի կեանքը եւ զայն ներկայացնել լայն հասարակութեան։

10 Ապրիլ 1915էն մինչեւ 18 Մայիս՝ Կիլիկիոյ հերոսական քաղաք Զէյթունը դատարկուած էր։ Տղամարդիկը ստիպած էին միանալ օսմանեան թրքական տխրահռչակ «բանուորական ջոկատներ»ուն։ 14 տարեկան Փառնաք Սուրիոյ Տէր Զօրի ճամբուն՝ անտեսելով իր շուրջի օձերն ու կարիճները, օրեր անցուց թուրք ասկեարի թուրէն ինկած մօրը դիակին փարած։ Զայն փրկեց շամմառ ցեղի քոչուոր արաբ մը, որ դաշոյնով փոս փորելէ եւ Փառնաքի մօր մարմինը աւազին յանձնելէ ետք, տղան նստեցուց ձիուն վրայ եւ տարաւ իր տունը։
Երիտասարդ Փառնաք, որ արդէն գիտէր հայերէն, գերմաներէն եւ թրքերէն, շուտով սորվեցաւ նաեւ արաբերէն։ Գառներ եւ ուղտեր արածեցնէլէ զատ, Փառնաք, զոր վերանուանեցին Էհմէտ Ալ Ճեզզա, ցեղակիցներուն կը սորվեցնէր արաբերէն գրել։ Ան շրջանին մէջ դարձաւ բոլորին սիրելին՝ իր աշխատասիրութեան, համեստութեան եւ լրջամտութեան շնորհիւ։
Շուտով, ոչխարները արածեցնելու պահուն, Փառնաք անապատին մէջ հանդիպեցաւ տեղւոյն արաբներու կողմէ որդեգրուած բազմաթիւ հայ մանուկներու։ Անոնց յիշեցուց իրենց հայկական ծագման մասին եւ սկսաւ տետրակին մէջ գրի առնել անոնց անուններն ու բնակութեան վայրերը։
1924ին, 23 տարեկան «Էհմէտ»ին՝ իբրեւ վստահելի

եւ գրագէտ երիտասարդի, յանձնարարեցին Հալէպ հասցնել հարուստ արաբներու գնած ոչխարի հոտը։ Յայտնուելով Հալէպ՝ ան զարմանքէն քարացաւ, երբ տեսաւ խանութներու հայկական ցուցանակներն ու հայերէն խօսող մարդիկ։ Տեղւոյն հայերը անոր աշխատանք եւ մնալու տեղ առաջարկեցին, սակայն ան մերժեց՝ ըսելով, որ շատ հարազատներ ունի անապատի մէջ եւ չի կրնար լքել զանոնք։ Այնուհետեւ հայ կօշկակարին ցոյց տուաւ իր տետրակը, ուր անուններն էին այն բոլոր հայ մանուկներու, որոնք անապատին մէջ կ՛ապրէին արաբ ընտանիքներու մէջ։ Ան ինքնիրեն խոստացած էր հաւաքել այդ հայ մանուկները, օգնել անոնց ամուսնանալու իրարու հետ եւ գտնել անոնց հարազատները, եթէ ողջ են։ Այդ շատ բարդ խնդիր էր։ Մանուկներուն մեծ մասը, որոնք քանի մը տարի ապրած էին արաբ ընտանիքներու մէջ, չէին յիշեր իրենց ծագման մասին եւ չէին գիտեր, որ դեռ գոյութիւն ունէին այլ հայեր։ Բայց Փառնաք հաստատակամ էր՝ հակառակ  խոչընդոտներուն։

Կօշկակար Փանոս, որ արաբներու եւ քիւրտերու քով ապաստանած հայ որբերը փնտռող յանձնախումբին նախագահն էր, ուղղակի ապշած էր։ Վերջին քանի մը ամիսներուն ընթացքին յանձնախումբը դժուարութեամբ յաջողած էր գտնել ընդամէնը մէկ-երկու հայ մանուկներ, իսկ հիմա Փանոսին առջեւ դրուած էր հայկական անուններով լեցուն ամբողջ տետրակ մը։
Իր ցեղին մօտ վերադառնալ

է ետք Փառնաք կը շարունակէր հայ մանուկներու ցուցակները իրարու ետեւէ Հալէպ ղրկել։ Փնտռող յանձնախումբը յետոյ պիտի երթար անապատ, պիտի վճարէր հայ մանուկներու համար եւ զանոնք պէտք է հասցնէր Հալէպ կամ Պէյրութ։

Ի վերջոյ, Սուրիոյ կառավարութիւնը երկու գիւղ յատկացուց հայերուն, անապատի մէջ։ Փառնաք ամուսնացաւ Ուաթհա անունով հայ կնոջ մը հետ, որ յետոյ փոխեց անունը եւ դարձաւ Սիրանուշ։ Ի յարգանս իրենց արաբ ծնողներուն՝ անոնք համաձայնեցան, որ ամուսնութեան արարողութիւնը կատարուի մահմետական շէյխի ձեռամբ: Զոյգը ծրագրեց հետագային հայկական հարսանիք ընել հայկական եկեղեցիի մէջ։ Փառնաքի չորս արաբ «եղբայրները» տխրեցան, որ ան պիտի լքէ զիրենք եւ բնակութիւն պիտի հաստատէ հայկական նորաստեղծ Թել Ալ Պրաք գիւղին մէջ։ Անոնք ընտանիքին ունեցուածքը բաժնեցին հինգ մասի։ Փառնաք հետը տարաւ հարիւր ոչխար, հինգ ուղտ, հրացան մը եւ տան պիտոյքներ։
Փառնաք հարիւրաւոր արաբացած հայեր բերաւ իրենց գիւղը, անոնց տուաւ հայկական անուններ, կազմակերպեց անոնց ամուսնութիւնները։ Ան երիտասարդներու հետ կազմակերպեց հայերու ոսկորներու հաւաքումը Տէր Զօրէն, Ռաքքայէն, Եփրատ ու Խապուր գետերու շրջակայքէն եւ Շետտէտիէի եղերական քարանձաւէն, ուր ողջակիզած էին հայերը։  Փառնաք յիշատակի արարողութիւն կազմակերպեց ննջեցեալներու հոգիներուն համար․․․
Անապատի երկու հայկական գիւղերը շուտով բարգաւաճեցան: Անոնք ստեղծեցին մարզական միութիւն եւ փողային նուագախումբ: 1947ին, երբ Փառնաք տեղեկացաւ Խորհրդային Հայաստան վերադառնալու զանգուածային գաղթի մասին, ինքն ալ  որոշեց վերադառնալ հայրենիք․․․: Ան ձգեց ամբողջ ունեցուածքը, բացառութեամբ մէկ բանի՝ իր արաբական ազնուացեղ ձիուն, զոր Հայաստան հասնելուն պէս նուիրեց ձիաբուծարանին։
Փառնաքի ընտանիքը բնակութիւն հաստատեց Էջմիածնի մերձակայքը գտնուող Հովտաշատ գիւղը, ուր աշխատեցաւ իբրեւ հողագործ։ Անոր կինը՝ Սիրանուշ, հինգ զաւակ եւս ունեցաւ Հայաստանի մէջ։ Թէեւ Փառնաք հարիւրաւոր հայ մանուկներ վերադարձուցած էր, ան միշտ կը տառապէր հարիւրաւոր ուրիշ մանուկներու համար, որոնց կարելի չեղաւ գտնել, անոնց շարքին նաեւ իր կնոջ՝ Սիրանուշի քոյրը։
Հովտաշատի գերեզմանոցին մէջ կանգնած է Փառնաքի մահարձանը՝ արաբական տարազով։ Այդ գիւղին մէջ, 1956ին, Փառնաքի կառուցած տունը ներկայիս նման է թանգարանի, ուր կը ցուցադրուին անոր հագուստներն ու լուսանկարները:
Հայերը, ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ Սփիւռքի, պէտք է այցելեն Հովտաշատ գիւղ եւ Փառնաքի շիրիմ՝ յարգանքի տուրք մատուցելու համար այն մարդուն, որ հարիւրաւոր հայ որբեր փրկած եւ վերադարձուցած է իրենց արմատներուն․․․
Յարութ Սասունեան
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
Noyan Tapan

Որոնում

previous arrow
next arrow
Slider

Նորութիւններ

  • 2021 թ. Ամանորի մաղթանքները հայ ժողովրդին և Հայաստանին
  • VIDEO – Եվրոպական խորհրդարանի ընդունած «Հայկական հարցի քաղաքական լուծման մասին» Բանաձեւում տեղ գտած սխալների, վրիպումների եւ անընդունելի ձեւակերպումների, եւ այն խմբագրելու եւ վերաշարադրելու վերաբերյալ
  • Անդրադարձ. Լեռնային Ղարաբաղ. Լոնտոնի Եւ Անգարայի Յաղթանակը՝ Սորոսին Եւ Հայերուն Պարտութիւնը – ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
  • VIDEO – ԱՄՆ 28-րդ նախագահ Վուդրո Վիլսոնի կայացրած Իրավարար վճռի 100-ամյակի կապակցությամբ – 22.11.2020
  • Video – «SEVRES-2020». 1920 թվականի Սևրի խաղաղության պայմանագրի վավերացնելու հնարավորությունը և «Սևր-2» խաղաղության համաժողով գումարելու անհրաժեշտությունը
  • VIDEO – Սևրի խաղաղության պայմանագրի 100-ամյակին նվիրված միջազգային գիտա-դիվանագիտական կոնֆերանս
  • Սոյն թուականի ապրիլին երկրորդ հրատարակչութեամբ Կ. Պոլսում լոյս ընծայուեց Սամուէլ Մհերեանի «Մենավոր բազեն» պատմավեպի թուրքերեն թարգմանութիւնը («Yalniz Sahin»)
  • Զօրավար Նարեկ Աբրահամեան. ՆՇՄԱՐ. «Եկուոր քոչուոր թուրքերը եւ մենք Հայերս» – Այսօր յուսամ կ’անդրադառնան եւ շատ արագ կը պատրաստուին դիմակայելու գալիք վտանգը, որ կը սպառնայ Լիբանանի անվտանգութեան
  • Յարութ Սասունեան. Թուրքիա Կը Փորձէ Տիրանալ Երուսաղէմի Հայկական Կալուածներուն
  • Հերոս հայը, որ հայ որբերը վերադարձուց սուրիական անապատէն
  • Վերադառնալով հրատապ թեմային. Քառօրյա պատերազմ. Արեւմտյան Հայաստանի Խորհրդարանի հայտարարությունը Արցախի դեմ ապրիլյան ագրեսիայի կապակցությամբ
  • Տիգրան Փաշաբեզեան. “Ռուսաստանի Դաշնութեան դիրքորոշումը Հայկական Հարցի լուծման վերաբերեալ”  (3-րդ մաս)
  • Շնորհավո՛ր տոնդ  ՀԱՅՈՒՀԻ  – Հայ Մայր, Կին, Քույր եւ Դուստր…
  • VIDEO – Հարցազրույց ԱՀՀ վարչապետ Տիգրան Փաշաբեզյանի հետ. Արևմուտքի ռազմավարական սցենարները Մերձավոր Արևելքի ու Հարավային Կովկասի ժողովուրդների ճակատագրում
  • ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ ԻՍԿԷՆՏԷՐԵԱՆ. Սուրիա Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնն Ու Արեւմտեան Հայաստանը
  • Հաւաքական աշխատանքով – Եկէք 2 կաթնատու կով նուիրենք սահմանամերձ Արտանիշ գիւղին մէջ ապրող բազմանդամ Ղուկասեան ընտանիքին
  • Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող խորհուրդը աւարտեց իր աշխատանքը Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս
  • Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց լրագրողներու համահայկական ֆորումը համակարգող խորհուրդը
  • VIDEO – Կարօ Փայլանին 2020 թուականի Խաղաղութեան Նոպէլեան Մրցանակի ներկայացնելու մասին: «ՀԱՄՇԷՆՈՒՀԻ» համշէնահայերու կանանց միջազգային միութեան ղեկավար Սայիտա Օհանեանի դիմումը
  • VIDEO – حول منح غارو بايلان جائزة نوبل للسلام لعام ٢٠٢٠. نداء رئيس الاتحاد النسائي الدولي في حمشين الأرمن «هامشينكا» صيدا أوهانيان

© 2021 Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողով (Խորհրդարան).

Made with by Graphene Themes.