2017-ի սեպտեմբեր ամսուայ ընթացքին տեղի կ՝ ունենայ «Հայկական Ինքնութիւնից հեռացած հայերն աշխարհի տարածքին» թեմայով երրորդ խորհրդաժողովը

Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի ՀԱՒԱՏՔԻ եւ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ Հարցերու Մշտական Յանձնախումբ

02 Յունիս 2017 – ԾՐԱԳԻՐ – ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆ –:

Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի ( Խորհրդարանի ) Հայրենակցական, համայնքային ու հայրենասիրական հասարակական միութիւններու եւ Հաւատքի հարցերու մշտական յանձնաժողովներու ներկայացուցիչներու կազմակերպած երրորդ խորհրդաժողովը տեղի պիտի ունենայ 2017-ի սեպտեմբեր ամսուայ ընթացքին:

Թեմայ՝

Նախորդ խորհրդաժողովներու՝ 08 սեպտեմբեր 2016-ի եւ 11 մարտ 2017-ի, մասնակիցներու առած որոշումներու գործադրութեան ուղիներու հիմքերու սկիզբ՝ Ստեղծել Հիմնարկութիւն մը,

Հայկական Արմատներէն Հեռացածներու «Հայերն Աշխարհի Տարածքին» Ուսումնասիրութեան Հիմնարկութեան Կենդրոն:

Հարմանտայեան Արմենակ
Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի (Խորհրդարանի) Հաւատքի եւ Հայրենակցական հարցերու մշտական յանձնաժողովներու ներկայացուցիչ